2009-07-02 13:08:46

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն-
Հայաստանի առաջնորդը` Արհի. Նշան Արքեպիսկոպոս Գարաքէհէյեան քահանայ կը ձեռնադրէ Տէր Ներսէս Գալուտեանը


Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն-
Հայաստանի առաջնորդը` Արհի. Նշան Արքեպիսկոպոս Գարաքէհէյեան քահանայ կը ձեռնադրէ Տէր Ներսէս Գալուտեանը
Հայաստան - Կիրակի 28 Յունիս 2009ին, Հայաստանի Արեւիկ գիւղի մէջ, Արհիապատիւ Նշան արքեպիսկոպոս Գարաքէհէյեան քահանայական ձեռնադրութիւնը կատարեց սարկաւագ տէր Ներսէս Գալուտեանին։ Մեր լաւագոյն մաղթանքները կը ներկայացնենք Թեմին եւ Գալուտեան ընտանիքին ապա նորօծին՝ բեղուն առաքելութիւն։


Սուրբ Պօղոսի տարիին փակումը Լիբանանի մէջ։

Պօղոս առաքեալի ծննդեան 2000-ամեակին նուիրուած տարուան եզրափակիչ արարողութիւն, Հարիսայի յոյն կաթողիկէ Ս. Պօղոս պազիլիքին մէջ։
Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մասնակցեցաւ Պօղոս առաքեալի ծննդեան 2000-ամեակին նուիրուած տարուան եզրափակիչ արարողութեան, Հարիսայի յոյն կաթողիկէ Ս. Պօղոս պազիլիքին մէջ։ Համամիութենական այս արարողութեան մաս կազմեցին տարբեր Եկեղեցիներու՝ ասորի, լատին, յոյն, հայ, եւ մարոնիթ ներկայացուցիչներ եւ հոգեւորականներ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը երկրորդ կայանին աղօթքը կատարեց, ապա Զմմառու Միաբանութեան ժառանգաւորները, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ երգչախումբի անդամներ հայերենով երգեցին սուրբ Պօղոսի նուիրուած շարականը։ Յայտնենք, որ եզրափակիչ արարողութեան նախագահեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապի անձնական ներկայացուցիչ՝ Փարիզի կարտինալ Անտրէ Վենթրուա։

Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին։
Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Կրկես Սալեհ՝ ընկերակցութեամբ խորհուրդին մէջ հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ եւ Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի տնօրէն Սեդա Խտըշեանի այցելութիւն տուին Անթլիասի վեհափառին։
Արամ Ա կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունելով այցելուները, իբրեւ խորհուրդի նախագահ, ընդհանուր քարտուղարէն տեղեկացաւ կատարուող աշխատանքներուն մասին։ Ծանօթ է, որ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ՝ միաժամանակ ճիգ չխնայելով վերակառուցողական աշխատանքի։ Յառաջիկայ 17 յուլիսին գումարուելիք գործադիր վարչութեան ժողովը այս առումով կարեւոր փոփոխութիւններ պիտի յառաջացնէ վերակազմակերպման ընթացքին մէջ։ Ընդհանուր քարտուղարը իր այցելութեան առիթով նաեւ վեհափառին փոխանցեց ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Շնուտա Գ պատրիարքի եղբայրական ողջոյնները։
Վեհափառը, յատկապէս ներկայիս աշխարհը տագնապեցնող տնտեսական դժուարութիւններուն լոյսին տակ, էական թելադրութիւններ կատարեց ընդհանուր քարտուղարին, խորհուրդին դիմաց ծառացող դժուարութիւնները հարթելու գծով։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.